Տարեվերջի Մեղրահամ Հանդէսը
- Snow K

- Aug 6, 2025
- 2 min read

«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը աշակերտական մեղրահամ հանդէսով մը աւարտեց իր ուսումնական բեղմնաւոր տարին:
Ջերմ յետմիջօրէ է. ահա՛ իրենց ծնողներով, մեծ հայրերով եւ մեծ մայրերով «Գալուստեան- Տունայեանց» սրահը կը մտնեն մեր «մեղու»ները: Անոնց ծաղկաւոր, կարմիր, դեղին տարազները կը յիշեցնեն ուրախ եւ ցնծուն ամառը, որ հասած է արդէն:
Դպրոցի տնօրէնը՝ Նորայր Տատուրեան, կատարեց բացման խօսք: «Ուրախ օր է այսօր, որովհետեւ մէկ տարուան աշխատանքը կ՛աւարտի իր նպատակին հասած ըլլալով: Դուք, յարգելի ծնողներ եւ ներկաներ, այսօր պիտի վայելէք ձեր զաւակներուն՝ մեր ժրաջան աշակերտներուն արգասիքը՝ անոնց երգը, ասմունքը եւ պարը…», ըսաւ Տատուրեան:
Աշակերտները բեմ կ՛ելլեն: Անոնց զիլ ձայնը կը զուարթացնէ սրահը. «Մեր Հայրենիք», «Մենք Մանուկներ Հայոց Ազգի» եւ «Հայ Աշակերտին Ուխտը»: Մանկապարտէզը կը մնայ բեմի վրայ:
Ամառնային արձակուրդին եւ Մայրերու օրուան նուիրուած ոտանաւորները կ՛ուրախացնեն բոլորը: Ծափահարութիւններու մէջ անոնք կ՛երգեն՝ «Ծափիկ-ծափիկ» եւ կը պարեն հայրենիք բուրող պար մը:
Ա. Դասարանը, որ այլեւս ինքզինք մեծցած կը համարէ, «Մախմուր Աղջիկ» երգով, նազով եւ շքեղօրէն բեմ կ՛ելլէ, կը ներկայացնէ դպրոցական պատկեր մը, որուն մէջ աշակերտուհի մը կը դառնայ «ուսուցչուհի», իսկ միւս աշակերտները՝ ուսումնատենչ աշակերտներ: Անոնք միասնաբար կ՛արտասանեն հայրենասէր «Պատգամ» մը եւ հայկական պարով կը պսակեն իրենց բաժինը:
Բ. դասարանը «Լեռներ Հայրենի» երգին ընկերակցութեամբ բեմ կը բարձրանայ: Իւրաքանչիւր աշակերտ Հայաստանին «Սրտի խօսք» մը կը կ՛ուղղէ: Անոնք ունին արտասանութիւն մը՝ «Երգ Հայաստանի Մասին», ապա դաշնակը կը սկսի նուագել մեզ յուզող ծանօթ եղանակ մը եւ աշակերտները կ՛երգեն «Ծիծեռնակ» երգը: Անոնք սրահը կը թնդացնեն աշխոյժ պարով մը, զոր կոչած են՝ «Լեռնապար»:
Աւագ դասարանի աշակերտները, կարմիր վարդեր բռնած՝ կ՛արտասանեն մօր սրբութիւնը պատմող բանաստեղծութիւն մը: Արտասանութիւնը կը վերջանայ եւ անոնք բեմէն կ՛իջնեն եւ վարդերը կը նուիրեն իրենց մայրերուն:
Հանդէսի վերջին բաժինը կը կազմէ խմբերգները: Աշակերտները միաշունչ եւ վայելչօրէն կ՛երգեն «Լորիկ», «Էսօր Ուրբաթ Է», «Մայրերին Բոլոր» եւ «Հայաստան» («Արեւիկ») երգերը:
Եւ ահա կը հասնի յայտագիրին ամէնէն յուզիչ պահը: Բոլորին յոտնկայս ծափողջոյններու մէջ կը հնչէ դպրոցին պղնձեայ ձեռնազանգակը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան եւ Ծխական խորհուրդի անդամ Վահէ Աջապահեան սրտի խօսքեր եւ հիացմունքի արտայայտութիւններ կ՛ուղղեն աշակերտներուն ու անոնց նուիրեալ ուսուցչուհիներուն՝ Անի Մարսէլեանին, Ազնիւ Սէրայտարեանին եւ Մարալ Դաւիթեանին: Անոնք ուրախութիւն կը յայտնեն, որ բոլոր աշակերտները հայերէն կը խօսին եւ իրենց արմատներուն հետ սերտ կը մնան:
Իր աւարտի խօսքին մէջ, Տատուրեան կը յայտարարէ, որ իբրեւ WASC վարկաւորումի արժանացած դպրոց՝ «Փեթակ»ը յաջորդ տարեշրջանին պիտի ունենայ իր սեփական կայքէջը՝ petagstgwd.com, ինչպէս նաեւ պաշտօնական օրերուն եւ հանդէսներուն համար նախատեսուած յատուկ շապիկներ: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ հիւր պարուսոյցներ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերուն, դաշնակահար Էլմիրա Սիմոնեանին, կայքէջը եւ դպրոցի գեղարուեստական ձեւաւորումները կատարող Փաթիլ Գաբդանեանին, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի «կամաւոր քոյրեր» Էլէն Վարդանեանին եւ Տերեւ Տատուրեանին:
Յայտագիրը կ՛աւարտի ընկերային ժամով, որ քաղցրացած է սիրալիր զրոյցներով եւ թեթեւ հիւրասիրութեամբ մը:
«Փեթակ» հայկական շաբաթօրեայ դպրոցը 1965էն ի վեր 4-14 տարեկան հայորդիներու կու տայ հայկական դաստիարակութիւն: Լեզուի դասերու կողքին, անիկա ունի պարի եւ երգի ժամեր:
Արձանագրութեան համար գրել՝ saturdayschool@stgpas.com հասցէին, կամ հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը՝ (626) 449-1523 թիւով։



Comments